2014-04-07 14:01:52

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը` Թանզանիայի եպիսկոպոսներուն։


Ընդունելով Թանզանիայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի անդամները, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ըսաւ`
Հռոմի եկեղեցւոյ ձեր այցելութեան առթիւ, եղբայրաբար ձեզ կ'ողջագուրեմ եւ կը յուսամ որ ասիկա ըլլայ` Թանզանիայի Եկեղեցւոյ ու Սուրբ Պետրոսի Աթոռի միջեւ հաղորդութեան կապերու ամրպանդումի առիթ։
Թանզանիայի եկեղեցին օրհնուած է իր առաջին քարոզիչներէն, շնորհիւ անոնց եռանդին ու զոհաբերումին։ Անոնց առաքելութիւնը սակայն թող չնկատուի որպէս լոկ անցեալի յիշարժան դէպք մը։ Աւետարանութիւնը առօրեայ աշխատաք մըն է յանձնուած Եկեղեցւոյ հովութեան։
Այս պատճառաւ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը խրախուսեմ ձեզ յատուկ ուշադրութեամբ կղերին տալ հոգեւոր, հովուական ու մտաւորական պատշաճ կազմաւորում, որպէսզի կարողանան լիովին համապատասխանել իրենց կոչումին ու իրենց յանձնուած առաքելութեան։ Այդ կազմաւորումը պէտք է մշտական ըլլայ ի փառս Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ պայծառութեան։
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ աշխարհական հաւատացեալներու աւետարանութեան դերին։ Այդ աւետարանութիւնը տունէն կը սկսի հրաւիրելով հաւատացեալը աղօթասիրութեան, ամուսնական հաւատարմութեան ու տնային համեստ ու խոնարհ սպասարկութեան։
Սրբազան Հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնեց որ Թանզանիայի մէջ երաշխաւորուած է կրօնական ազատութիւնը եւ զանազան կրօններու հետեւորդները ամենայն ազատութեամբ կ'ապրին իրենց հաւատքը։ Յոյսով եմ որ այս մթնոլորտը շարունակէ նպաստել խաղաղութեան ամրապնդումին։
Նորին Սրբութիւնը իր ճառը եզրափակեց ըսելով` ''Թանզանիայի եկեղեցին ու բնակիչները կը յանձնարարեմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան ու ձեզի, կղերին ու հաւատացեալներուն մեծ սիրով կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.